Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

Իս­թան­պու­լէն դէ­պի Ե­րե­ւան ճամ­բոր­դող օ­թօ­պիւս մը ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն ար­կած ան­ցուց Պո­լուի մօ­տա­կայ­քին։ «Ռիչ թուր» ըն­կե­րու­թեան օ­թօ­պիւ­սը ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը շուրջ 03.20-ին ար­կա­ծը ան­ցուց ի­րենց զու­գա­հեռ ըն­թա­ցող ու­րիշ ինք­նա­շար­ժի մը վա­րոր­դին անզ­գու­շու­թեան հե­տե­ւան­քով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ Պեռ­նի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման լոյ­սին տակ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը յոյս յայտ­նեց, թէ նա­խա­գահ­նե­րուն հան­դի­պու­մը պի­տի մօ­տեց­նէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

Հայաստան եւ Ռուսաստան պաշտօնապէս միաւորեցին իրենց հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս:
Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ-ի պաշտպանութեան նախարարներու ժողով:
Սէյրան Օհանեան եւ Սէրկէյ Շոյկու ունեցան երկկողմանի հանդիպում մը՝ ստորագրելով յառաջիկայ տարուան  համագործակցութեան ծրագիրը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ա­մա­նո­րին ըն­դա­ռաջ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կած է Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նին։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կե­ցին այս շնոր­հա­ւո­րա­կա­նին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, զոր կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ.-

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­մէն ծնունդ հրա՜շք մըն է՝ ընդ­հա­նուր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ման­րա­տի­պա­րը կամ ման­րան­կա­րը կար­ծես…։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

22 Դեկ­տեմ­բե­ր 1972-ին, 66 տա­րե­կա­նին մեր երկ­րէն ու կեան­քէն հե­ռա­ցաւ հայ­կա­կան ար­ձա­կին մեծ վար­պետ­նե­րէն Մկր­­տիչ Ար­մէն (1906-1972), որ իր «­Հեղ­նար աղ­բիւր» վի­պա­կով ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս նո­ւա­ճեց ան­մա­հու­թիւ­նը եւ իր տե­ղը գտաւ հայ գրա­կա­նու­թեան Մե­ծե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

​Կանգ ա­ռի թեր­թա­վա­ճա­ռի կրպա­կին առ­ջեւ: Բազ­մա­թիւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ՝ հաստ վեր­տա­ռու­թիւն­նե­րով կամ բա­ցա­ռիկ հա­մար­նե­րով, կ՚անդ­րա­դառ­նա­յին հա­մաշ­խար­հա­յին տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թեան, հա­մե­մուած թուղթ ծա­խե­լու նպաս­տող ցնցող լու­րե­րով, եւ ան­թա­քոյց կը խօ­սէին կրօ­նա­կան պա­տե­րազ­մի մա­սին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

«Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կանգ առաւ աւանդական դարձած այս նախաձեռնութիւններուն կարեւորութեան վրայ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

ԱՆԻ ՓԱՆՈՍԵԱՆ-ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Բա­ցի…­մեր ապ­րած շրջա­նէն։

Ա­մու­սի­նիս գոր­ծին բե­րու­մով, վեց ու կէս տա­րի ա­ռաջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­ցինք Նիւ Ճըր­զիի ա­րուար­ձան­նե­րէն մէ­կուն մէջ, ո­րուն ա­նու­նը նոյ­նիսկ ան­ծա­նօթ է գա­ղու­թին մէջ ապ­րող հա­յե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

«Ներդաշնակութեան մեղեդի»ները Երեւանէն վերջ երէկ երեկոյեան ալ հնչեցին Իսթանպուլի մէջ՝ խորապէս տպաւորելով ունկնդիրները:
Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն երաժիշտներ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւն մը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

Ե­րէկ, Մոս­կուա­յի մէջ, Ռու­սաս­տա­նի Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պե­տա­կան կա­ճա­ռէն ներս Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ յո­բե­լե­նա­կան յատ­կան­շա­կան ձեռ­նար­կի մը։ Այս­պէս, հան­դի­սա­ւոր ձե­ւով նշուե­ցաւ Մոս­կուա­յի Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 200-ա­մեա­կը ու բա­ցուե­ցաւ այս յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած ցու­ցա­հան­դէս մը։ Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Եզ­րաս Արք. Ներ­սի­սեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու կը ծրագ­րէ մին­չեւ տա­րե­վերջ տե­սակ­ցիլ ընդ­դի­մու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, վար­չա­պե­տը ժա­մադ­րու­թիւն պա­հան­ջած է, որ­պէս­զի Դեկ­տեմ­բե­րի 30-ին մէկ­տե­ղուի Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէն ներս ներ­կա­յա­ցուած բո­լոր քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան. «Պատերազմի մէջ ենք»:
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ առկայ լարուածութիւնը տակաւ կը դառնայ ահազանգային:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Անգ­լիոյ նո­րան­շա­նակ դես­պան Ճու­տիթ Ֆար­նուըր­տը։ Ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ վեր­ջերս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին նկար­չու­թեան մրցոյ­թի մը, ո­րու ար­դիւն­քին ա­պա­հո­վե­ցին նուա­ճում­ներ։ «Ը­շըք» հա­մալ­սա­րա­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպուած ու նոր տա­րուան ձօ­նուած այս գծագ­րու­թեան մրցոյ­թը հա­մախմ­բեց Իս­թան­պու­լի Եւ­րո­պա­կան ա­փի դպրոց­նե­րէն ման­կա­պար­տէ­զի եւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

​ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 2015-ի վերջին օրերուն հերթական անգամ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ իր նահատակ աշխատակիցներէն մէկուն:
Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ, նոյն մատենաշարին շրջագծով, գրքի մը ձեւաչափով լոյս տեսան Ռուբէն Զարդարեանի կողմէ թերթիս մէջ ստորագրուած գործերը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աղ­բիւր մըն է սէ­րը՝ ան­վերջ ու ան­դա­դար հո­սող աղ­բիւր մը մար­դուն սրտէն։ Ո­մանք չեն անդ­րա­դառ­նար ա­նոր, կը վատ­նեն, ո­մանք կը զգան ա­նոր գե­ղեց­կու­թիւ­նը, բա­րու­թիւ­նը եւ կ՚օգ­տուին ան­կէ՝ կ՚եր­ջան­կա­նան ու կ՚եր­ջան­կաց­նեն ի­րենց շուր­ջին­նե­րը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Պուր­սա­յի մէջ։ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ վար առ­նուած Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մաօ­դա­նա­ւի խնդրին շուրջ հեր­թա­կան ան­գամ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նա­խա­գա­հը, որ շա­րու­նա­կեց վճռա­կան պատ­գամ­ներ փո­խան­ցել հան­րա­յին կար­ծի­քին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի գագաթաժողովին:
Սերժ Սարգսեան. «Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը ուղղուած է հակամարտութեան սրման։ Դեկտեմբերի 8-ին իր զինեալ ուժերը 1994 թուականէն ի վեր առաջին անգամ անցան հրասայլային ռմբակոծման, ինչ որ լարուածութիւնը կը բարձրացնէ նոր եւ շատ վտանգաւոր մակարդակի։ Հաշուի առնելով տարածքաշրջանէն ներս վերջին շրջանին ձեւաւորուած լարուած մթնոլորտը՝ պէտք չէ բացառել, որ Ատրպէյճան այդ քայլը առած է դուրսի կողմի յուշումով կամ աջակցութեամբ»

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ու­նե­ցաւ ու­շագ­րաւ ու շատ կա­րե­ւոր ե­լոյթ մը։ Հա­զիւ եր­կու օր ա­ռաջ Պեռ­նի մէջ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ տե­սակ­ցե­լէ վերջ ան ան­ցած էր Մոս­կուա՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։

Էջեր