Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին առ­թիւ Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան ցու­ցա­հան­դէս մը։ «Դա­րա­ւոր Հա­յաս­տա­նի նո­րան­կախ պե­տու­թիւ­նը» խո­րագ­րեալ այս ե­ռօ­րեայ ցու­ցա­հան­դէ­սը բա­ցուե­ցաւ ֆրան­սա­կան մայ­րա­քա­ղա­քի ին­նե­րորդ թա­ղա­մա­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

Ճէյմս Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր տարրերը պէտք է քննարկել՝ որպէս ծրար մը»:
Ալիեւ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ տեսակցելու համար Սարգսեանի հետ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

Ե­րե­ւա­նի «ԹՈՒ­ՄՕ» ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի մաս­նա­գէտ­նե­րէն Սու­սան­նա Գալս­տեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ քա­ղա­քիս մէջ տա­րուած երկ­շա­բա­թեայ աշ­խա­տան­քը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ խան­դա­վառ հան­դի­սու­թիւ­նով մը։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Սու­սան­նա Գալս­տեան Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րու հետ աշ­խա­տանք տա­րաւ մար­դա­մե­քե­նա­ներ (ռո­պոթ) շի­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ պաշտպանուած փեշմերկէները արձանագրեցին կարեւոր յաջողութիւն մը:
Պաղտատի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ վերապահութիւն ցոյց տալ Մուսուլի գործողութեան Անգարայի մասնակցութեան դէմ: Իրաքի զանազան շրջաններուն մէջ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները նոր յարձակումներ կը կատարեն:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

Մեծն Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ շա­բա­թա­վեր­ջին քա­ղա­քիս մէջ ե­րաժշ­տա­կան ձեռ­նար­կով մը ո­գե­կո­չուե­ցաւ՝ իր վախ­ճան­ման 81-րդ տա­րե­լի­ցի շրջա­նին։ 4. Լե­ւեն­տի «Karanlık İşler» գե­ղա­րուես­տա­կան կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ­ներն էին՝ մե­ներ­գիչ պա­րի­թոն Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան եւ հիւ­րըն­կալ կեդ­րո­նի սե­փա­կա­նա­տէր Նու­րի Քա­յա։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

«Զօրլու» կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ շաբաթավերջին երաժշտասէրները ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն:
Լենա Շամամեան քաղաքիս մէջ հերթական անգամ հանդէս եկաւ՝ ունկնդիրները հմայելով իր ուրոյն ոճով:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ՝ Մալ­թա­յի Ինք­նիշ­խան Մար­տա­կան Ուխ­տի Իշ­խան ու Մեծ Վար­պետ Ֆրա Մե­թիու Ֆսե­թինկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան, ու հիւ­րըն­կա­լ­ուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

Ե­րէկ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Գիւտ Խա­չի տօ­նին առ­թիւ նա­խա­գա­հեց Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փան­նոս Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Պերճ Սրկ. Ե­րա­մեան եւ այլ դպիր­ներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

Գա­րա­կէօ­զեան սա­նուց միու­թեան հեր­թա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը շա­բա­թա­վեր­ջին գու­մա­րուե­ցաւ եւ ար­դիւն­քին ընտ­րուե­ցաւ նոր՝ 44-րդ շր­ջա­նի վար­չու­թիւ­նը։ Միու­թեան առ­ժա­մեայ հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին վա­ւե­րա­ցուե­ցան Նու­պար Եըլ­տը­զի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ան­ցեալ շրջա­նի վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կագ­րե­րը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն (ո­րոշ աղ­բիւր­նե­րու ճշգրտու­մով՝ ­Հոկ­տեմ­բեր 17-ին) կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ­կա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան լու­սա­միտ դէմ­քե­րէն եւ ա­զա­տա­խոհ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան դրօ­շա­կիր­նե­րէն Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեա­նի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

ԴՈԿՏ. ՀԻԼ­ՏԱ ԳԱԼ­ՖԱ­ՅԵԱՆ-ՓԱ­ՆՈ­ՍԵԱՆ

2011 թուա­կա­նէն ի վեր Ե­րե­ւա­նի մէջ կը գոր­ծէ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան Ա­մառ­նա­յին Դպրոց ծրա­գի­րը: Այս տա­րի ո­րոշ փո­փո­խու­թիւն մտցուած էր ծրագրի գոր­ծադ­րու­թեան ձե­ւին մէջ: Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այս ծրագ­րի գործ­նա­կան ղե­կա­վա­րու­մը վստա­հած էր Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան Հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու Ինս­տի­տու­տին եւ ա­նոր փոխ-տ­նօ­րէն Դոկտ. Մհեր Յով­հան­նի­սեա­նին: Դա­սըն­թացք­նե­րու վայրն ալ Պետական Հա­մալ­սա­րա­նի գլխա­ւոր շէնքն էր:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

ՄԱ­ՐԻԱ­ՆԱ ՊԵՐ­ԹԻԶ­ԼԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ա­մէն ան­գամ  քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նէն  Հա­լէպ վե­րա­դար­ձիս, հետս ան­պայ­ման հա­րա­զատ­նե­րուս հա­մար յու­շա­նուէր­նե­րու  կա­պոց մը կ՚ու­նե­նամ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016

Գրեց՝ ԳՐԻ­ԳՈՐ ՓԻ­ՏԷ­ՃԵԱՆ(*)

Ան­ցեալ ա­միս նա­մա­կա­տու­փիս մէջ, որ­պէս գե­ղե­ցիկ ա­նակն­կալ մը, գտայ Բրա­կա­յէն ա­ռա­քուած ծրար մը։ Շու­տով ե­րե­ւան ե­կաւ որ, ե­րաժշ­տա­գէտ Հայկ Իւ­թիւ­ճեա­նի Դոկ­տո­րա­յին (Ph.D.) Ա­ւար­տա­ճա­ռէն օ­րի­նակ մըն էր ա­նու­նիս մա­կագ­րուած։ Գե­ղե­ցիկ եւ տպա­ւո­րիչ գիրք մը՝ հրա­տա­րա­կուած Charles University In Prague, Faculty of Arts-ի կող­մէ։ Ան­հուն եր­ջան­կու­թեամբ կար­դա­ցի զայն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ըն­թա­ցող խմո­րում­նե­րու լոյ­սին տակ վեր­ջին օ­րե­րու լրա­հո­սին հիմ­նա­կան ա­ռանց­քը դար­ձաւ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան օ­րա­կար­գը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016

ՍԵ­ՒԱԿ ՅԱ­ԿՈ­ԲԵԱՆ

Զրոյց՝ ար­տա­գաղ­թը Հա­յաս­տա­նի մէջ խո­չըն­դո­տե­լու, Հա­յաս­տա­նի մէջ մնա­լու եւ աշ­խա­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան մա­սին: Հան­դիպ­ման հե­րո­սը Գա­յիա­նէ Դաւ­թեանն է: Գա­յիա­նէն կ՚աշ­խա­տի սպա­սարկ­ման ո­լոր­տին մէջ եւ կը սի­րէ իր աշ­խա­տան­քը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ էա­կը՝ ա­մէն դա­րու, ա­մէն շրջա­նի՝ միշտ հար­ցու­ցած է. «ի՞նչ է կեան­քը»։ Հա­կա­ռակ որ այս հար­ցը միշտ զբա­ղե­ցու­ցած է մարդ­կա­յին միտ­քը, չէ գտնուած յստակ պա­տաս­խան մը, եւ «կեան­քի հար­ցը» մնա­ցած է ան­պա­տաս­խան եւ ան­լու­ծե­լի։ Ո­մանք կրնան ը­սել, թէ՝ այդ­քան կա­րե­ւո՞ր է այդ հար­ցը, քա­նի որ կեանք մը ու­նինք եւ այս­պէս կամ այն­պէս, ի վեր­ջոյ կ՚ապ­րինք զայն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016

Այս տա­րուան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին Հա­յաս­տան այ­ցե­լած է 501.118 զբօ­սաշր­ջիկ, ո­րոնց 26.3 առ հա­րիւ­րը ե­կած են ԱՊՀ-էն, 23.4 առ հա­րիւ­րը՝ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէ եւ 50.3 առ հա­րիւ­րը՝ այլ եր­կիր­նե­րէ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016

Աշ­խար­հահռ­չակ հա­յազ­գի սոփ­րա­նօ Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 4-ին, Ֆրեզ­նո­յի Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հանդէս կու գայ։ Ելոյթին երգացանկը կը բաղ­կա­նայ հայ­կա­կան օրհ­ներգ­ներէ եւ ներ­բող­ներէ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016

​Գեր­մա­նիոյ մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն գրքի տօ­նա­վա­ճա­ռը, որ վա­ղը պի­տի հաս­նի իր ա­ւար­տին։ Աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան 100 եր­կիր­նե­րէն 7100 հաս­տա­տու­թիւն­ներ կը մաս­նակ­ցին Ֆրանք­ֆուր­թի գրքի տօ­նա­վա­ճա­ռին, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած է 68-րդ ան­գամ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ կա­տա­րուած մա­հա­փոր­ձին շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցան նոր ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ոս­տի­կան զօ­րաց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ուղ­ղեալ հար­ցաքն­նու­թեան ծի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան այս ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը։

Էջեր