Արխիւ
Շատ պարզ է. մեր համայնքի ողնասիւնը, անոր ոտքի կանգնած մնալու, գոյատեւելու եւ ազգային կենսունակ կեանքով ապրելու երաշխիքներէն ամենէն հզօրը՝ հայկական վարժարա՛նն է:
Սփիւռքի միակ հայկական բարձագոյն կրթական հաստատութիւնը՝ Հայկազեան համալսարանը, շրջանաւարտներու նոր հունձք մը տուաւ եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ համալսարանի շրջափակին մէջ 148 ուսանողներու յանձնեց աւարտական վկայականներ: Յաջողութեան բերկրանքին խառնուած էր յուզմունքը հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ուսանողները անցուցած են իրենց կեանքի ամենէն հաճելի պահերը:
Ժիրայր Քըլըչտաղ կը տեղեկացնէ.-
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր երիտասարդներ՝ Միլենա Այսելի եւ Ռաֆֆի Քալք վերջերս աւարտած են «Կետիկ» համալսարանի Մարզական գիտութիւններու ֆաքիւլթէն։
Մխիթարեան վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը տեղի ունեցաւ դարաւոր կրթօճախի պարտէզին մէջ: Այս տարի վարժարանը կու տար իր 191-րդ պատուաբեր շրջանաւարտները:
«Տողուշ» խմբակին եւ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի միջեւ գոյացաւ նոր համաձայնութիւն մը:
Պէյօղլուի մէջ պիտի հիմնուի Թուրքիոյ առաջին միջազգային բնոյթով լուսանկարի թանգարանը, որ պիտի ցոլացնէ մեծանուն վարպետին ժողովածոները, կեանքն ու գործունէութիւնը: Ղեկավարութիւնը պիտի յանձնուի միջազգային մակարդակով մասնագէտներու խումբի մը՝ որպէսզի սերունդները աւելի լաւ ըմբռնեն անոր արդար արժէքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փաքիստանի Պալուշստան քաղաքին մէջ, Մայիսի 21-ին, կը սպաննուէր Թալեպան շարժումի ղեկավար Մոլլա Ախթար Մանսուր: Վերջին ատեններուն ամենէն կարճ շրջանի մը համար Թալեպան շարժումը ղեկավարած Մանսուր կը սպաննուէր ամերիկեան անօդաչու սարքի հրթիռով:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը իրերայաջորդ շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ դիւանագիտական երթեւեկը կ՚աշխուժանայ:
Երէկ Հայոց Եկեղեցին մեծ հանդիսութեամբ եւ մեծ շուքով տօնեց ծիսական հինգ գլխաւոր տօներուն կամ տաղաւարներուն երրորդը՝ այսինքն Այլակերպութեան, Պայծառակերպութեան կամ Վարդավառի տօնը:
Սուրիական տագնապի առաջին օրերէն Հալէպի նուիրեալ հայ տղաքը հայկական մեր թաղերու պաշտպանութիւնը ստանձնեցին: Անոնք նախընտրեցին մաքառումներով առլցուն հերոսապատում կերտողներու դժուար ճամբան եւ մեծ դեր ունեցան ու կը շարունակեն ունենալ ոչ միայն մեր ընտանիքներու, մեր աշակերտներու, բարեսիրական գործի նուիրուած մեր քոյրերու եւ եղբայրներու, մեր եկեղեցականներու պաշտպանութեան մէջ, այլեւ իրենց յանդուգն յանձնառութեամբ պատերազմական վայրագ գործողութիւններուն ու ահաբեկչական արարքներուն դիմաց հայ համայնքին գոյերթը երաշխաւորող վահաններ դարձան:
ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ճանի Հատտատ… Սուրիահայ բժիշկ, գիտական բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ, բարեգործ…. ասոնք, անշու՛շտ, մարդու անհատականութիւնը ընդգծող յատկանիշներ են, սակայն բարեգործութիւ՛նն է ի վերուստ դրուած Աստուծոյ ստեղծած արարածներէն իւրաքանչիւրի հոգիի կերտուածքին մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը՝ երկու եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին։ Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 1-2)։
Արցախեան գինիի երրորդ փառատօնը այս տարի պիտի կայանայ 17 Սեպտեմբերին, Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ: Մամլոյ հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու պատասխանատու Արտակ Գրիգորեան՝ աւելցնելով, որ փառատօնի ծրագիրը մշակման փուլի մէջ է եւ յառաջիկային պիտի ներկայացուի հանրութեան:
Վաղը, Գառնիի պատմական-մշակութային արգելոց-թանգարանին եւ Գեղարդի վանական համալիրին մէջ, հոգեւորին ու ազգայինին միաձուլմամբ, պիտի կայանայ «Վարդավառ» միջազգային փառատօնը:
Իսրայէլի խորհրդարանէն ներս Յուլիսի 5-ին օրակարգի վրայ պիտի գայ հայկական հարցը։ Քնեսէթ պիտի քննարկէ 1915-ի դէպքերը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու հարցը։
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ երէկ տեսակցեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի հետ, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պերլին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքն ու անոնց խորացման հեռանկարները։
«Իրանի գործարարները հակուած են դէպի Սեւ ծով բացուիլ Հայաստանի ճանապահներուն միջոցաւ»:
Նախարար Գագիկ Բեգլարեանի խօսքերով, տարածքաշրջանէն ներս կ՚առաջարկուին լաւագոյն տարբերակները:
Ֆրանսայի մէջ հայկական հարցին շուրջ պատրաստուած նոր բանաձեւը երէկ գտաւ իր սկզբնական վաւերացումը։ Այս նոր նախագիծը, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է կառավարութեան կողմէ, կը նախատեսէ քրէականացնել «հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող 26 Յունիսի առաւօտուն լիբանանեան Պեքաա շրջանի Ալ Քահ քրիստոնէական աւանը կ՚արթննար ահազանգային վիճակի մը մէջ: Չորս անձնասպաններ գիւղ մտնելով իրենք զիրենք կը պայթեցնէին պատճառ դառնալով հինգ զոհերու: Նոյն օրը երեկոյեան դէպքը կը կրկնուէր ու այս անգամ երկու ահաբեկիչներ անձնասպանական արարք կատարելով կը պատճառէին տասնեակ վիրաւորներ:
ՍԾՏՀԿ-ի երէկուան ժողովը առիթ հանդիսացաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Սէրկէյ Լաւրովի տեսակցութեան:
Թուրքիա-Ռուսաստան ձիւնահալին շրջագծով յառաջիկայ ամիս կրնան տեսակցիլ նաեւ երկու երկիրներու նախագահները:
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախուբմի հիմնադրութեան 90-ամեակին ձօնուած երեկոյթ:
Նախագահ Սարգսեան պատուեց ձեռնարկը, որու ընթացքին հանդէս եկան աշխարհահռչակ արուեստագէտներ: