Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

Վար­շա­ւիոյ մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ՆԱ­ԹՕ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ ա­ռաջ­նա­հերթ տեղ կը զբա­ղեց­նէ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի վրայ։ Եր­կօ­րեայ այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին կը վե­րագ­րուի ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն՝ հա­մաշ­խար­հա­յին հրա­տապ հիմ­նախն­դիր­նե­րու ըն­թաց­քին եւ ա­նոնց նկատ­մամբ դա­շին­քի դիր­քա­ւոր­ման ա­ռու­մով։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Միտքս պար­զեմ: Քա­ջա­տե­ղեակ էք, շատ հա­ւա­նա­բար՝ ա­յո՛, թէ Յու­նիս 24-ին, ե­ռօ­րեայ իր այ­ցե­լու­թեամբ, Հա­յաս­տան ե­կաւ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նա­յա­պետ, հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ եւ Վա­տի­կան պե­տու­թեան ղե­կա­վար Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը:

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տին հա­մար մեծ յաղ­թա­նակ կը հա­մա­րուէր վե­րա­տի­րա­նալ իս­րա­յէ­լեան այն հրա­սայ­լե­րէն մէ­կուն, որ բռնագ­րուած էր 1982 թուա­կա­նին լի­բա­նա­նեան Պե­քաա­յի մէջ: Իս­րա­յէ­լի Լի­բա­նան ներ­խուժ­ման ըն­թաց­քին տե­ղւոյն «Սուլ­թան Եա­գու­պ» շրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ճա­կա­տա­մար­տի ա­տեն սու­րիա­կան բա­նա­կը յա­ջո­ղած էր գրա­ւել իս­րա­յէ­լեան քա­նի մը հրա­սայ­լեր, ո­րոնք ա­ւե­լի ուշ տա­րուած էին Մոս­կուա: Այդ ռազ­մի ա­տեն քիչ չէր ռուս մաս­նա­գէտ­նե­րու ցու­ցա­բե­րած նե­ցու­կը Սու­րիոյ բա­նա­կին, ու այդ հրա­սայ­լե­րուն գրա­ւու­մը կը հա­մա­րուէր հա­մա­տեղ գոր­ծակ­ցու­թեան դրա­կան ար­դիւնք:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Թե­րեւս անձ­նա­կան տկա­րու­թիւն մըն է՝ երբ օ­դը տաք է, միտքս կ՚ամ­լա­նայ, գո­նէ ա­ւե­լի դան­դաղ կ՚աշ­խա­տի քան գաղջ կամ պաղ օ­դի մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

Շատ պարզ է. մեր հա­մայն­քի ող­նա­սիւ­նը, ա­նոր ոտ­քի կանգ­նած մնա­լու, գո­յա­տե­ւե­լու եւ ազ­գա­յին կեն­սու­նակ կեան­քով ապ­րե­լու ե­րաշ­խիք­նե­րէն ա­մե­նէն հզօ­րը՝ հայ­կա­կան վար­ժա­րա՛նն է:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

Սփիւռ­քի միակ հայ­կա­կան բար­ձա­գոյն կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը՝ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը, շրջա­նա­ւարտ­նե­րու նոր հունձք մը տուաւ եւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­փա­կին մէջ 148 ու­սա­նող­նե­րու յանձ­նեց ա­ւար­տա­կան վկա­յա­կան­ներ: Յա­ջո­ղու­թեան բերկ­րան­քին խառ­նուած էր յուզ­մուն­քը հրա­ժեշտ տա­լու կրթա­կան այն օ­ճա­խին, ուր ու­սա­նող­նե­րը ան­ցու­ցած են ի­րենց կեան­քի ա­մե­նէն հա­ճե­լի պա­հե­րը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

Ժի­րայր Քը­լըչ­տաղ կը տե­ղե­կաց­նէ.-

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քէն եր­կու ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ Մի­լե­նա Այ­սե­լի եւ Ռաֆ­ֆի Քալք վեր­ջերս ա­ւար­տած են «Կե­տիկ» հա­մալ­սա­րա­նի Մար­զա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու ֆա­քիւլ­թէն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րուն հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­րա­ւոր կրթօ­ճա­խի պար­տէ­զին մէջ: Այս տա­րի վար­ժա­րա­նը կու տար իր 191-րդ պա­տուա­բեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

«Տողուշ» խմբակին եւ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի միջեւ գոյացաւ նոր համաձայնութիւն մը:
Պէյօղլուի մէջ պիտի հիմնուի Թուրքիոյ առաջին միջազգային բնոյթով լուսանկարի թանգարանը, որ պիտի ցոլացնէ մեծանուն վարպետին ժողովածոները, կեանքն ու գործունէութիւնը: Ղեկավարութիւնը պիտի յանձնուի միջազգային մակարդակով մասնագէտներու խումբի մը՝ որպէսզի սերունդները աւելի լաւ ըմբռնեն անոր արդար արժէքը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Փա­քիս­տա­նի Պա­լուշս­տան քա­ղա­քին մէջ, Մա­յի­սի 21-ին, կը սպան­նուէր Թա­լե­պան շար­ժու­մի ղե­կա­վար Մոլ­լա Ախ­թար Ման­սու­ր: Վեր­ջին ա­տեն­նե­րուն ա­մե­նէն կարճ շրջա­նի մը հա­մար Թա­լե­պան շար­ժու­մը ղե­կա­վա­րած Ման­սուր կը սպան­նուէր ա­մե­րի­կեան ա­նօ­դա­չու սար­քի հրթի­ռով:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը իրերայաջորդ շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ դիւանագիտական երթեւեկը կ՚աշխուժանայ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

Ե­րէկ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին մեծ հան­դի­սու­թեամբ եւ մեծ շու­քով տօ­նեց ծի­սա­կան հինգ գլխա­ւոր տօ­նե­րուն կամ տա­ղա­ւար­նե­րուն եր­րոր­դը՝ այ­սինքն Այ­լա­կեր­պու­թեան, Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան կամ Վար­դա­վա­ռի տօ­նը:

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վեց օր ետք, Յի­սուս իր հետ ա­ռաւ Պետ­րո­սը, Յա­կո­բո­սը եւ Յով­հան­նէ­սը՝ եր­կու եղ­բայր­նե­րը եւ զա­նոնք բարձր լեռ մը հա­նեց, ուր ա­ռան­ձին էին։ Հոն այ­լա­կեր­պե­ցաւ ա­նոնց դի­մաց. իր դէմ­քը ա­րե­ւու նման լու­սա­ւոր դար­ձաւ եւ հա­գուստ­նե­րը լոյ­սի նման ճեր­մակ ե­ղան» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 1-2)։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016

Ար­ցա­խեան գի­նիի եր­րորդ փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի պի­տի կա­յա­նայ 17 Սեպ­տեմ­բե­րին, Հադ­րու­թի շրջա­նի Տող գիւ­ղին մէջ: Մամ­լոյ հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին այս մա­սին յայտ­նած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Զբօ­սաշր­ջու­թեան վար­չու­թեան ծրա­գիր­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Ար­տակ Գրի­գո­րեա­ն՝ ա­ւելց­նե­լով, որ փա­ռա­տօ­նի ծրա­գի­րը մշակ­ման փու­լի մէջ է եւ յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի ներ­կա­յա­ցուի հան­րու­թեան:

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016

Վաղը, Գառ­նիի պատ­մա­կան-մշա­կու­թա­յին ար­գե­լոց-թան­գա­րա­նին եւ Գե­ղար­դի վա­նա­կան հա­մա­լի­րին մէջ, հո­գե­ւո­րին ու ազ­գա­յի­նին միա­ձուլ­մամբ, պի­տի կա­յա­նայ «Վար­դա­վառ» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը:

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016

Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նէն ներս Յու­լի­սի 5-ին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ հայ­կա­կան հար­ցը։ Քնե­սէթ պի­տի քննար­կէ 1915-ի դէպ­քե­րը որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճանչ­նա­լու հար­ցը։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի հետ, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պեր­լին։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, քննար­կուե­ցան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թացքն ու ա­նոնց խո­րաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016

«Իրանի գործարարները հակուած են դէպի Սեւ ծով բացուիլ Հայաստանի ճանապահներուն միջոցաւ»:
Նախարար Գագիկ Բեգլարեանի խօսքերով, տարածքաշրջանէն ներս կ՚առաջարկուին լաւագոյն տարբերակները:

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016

Ֆրան­սա­յի մէջ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ պատ­րաս­տուած նոր բա­նա­ձե­ւը ե­րէկ գտաւ իր սկզբնա­կան վա­ւե­րա­ցու­մը։ Այս նոր նա­խա­գի­ծը, որ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած է կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, կը նա­խա­տե­սէ քրէա­կա­նաց­նել «հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը»։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Անց­նող 26 Յու­նի­սի ա­ռա­ւօ­տուն լի­բա­նա­նեան Պե­քաա շրջա­նի Ալ Քահ քրիս­տո­նէա­կան ա­ւա­նը կ­­՚արթն­նար  ա­հա­զան­գա­յին վի­ճա­կի մը մէջ: Չորս անձ­նաս­պան­ներ գիւղ մտնե­լով ի­րենք զի­րենք կը պայ­թեց­նէին պատ­ճառ դառ­նա­լով հինգ զո­հե­րու: Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան դէպ­քը կը կրկնուէր ու այս ան­գամ եր­կու ա­հա­բե­կիչ­ներ անձ­նաս­պա­նա­կան ա­րարք կա­տա­րե­լով կը պատ­ճա­ռէին տաս­նեակ վի­րա­ւոր­ներ:

Էջեր