Արխիւ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան 63-րդ տարեդարձին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն հանդիսութիւններ՝ Գումգաբուի մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ համախմբուած համայնքային շրջանակները արձանագրեցին հերթական յաջողութիւնը՝ հաւասարակշռելով տարեկան պիւտճէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը շարունակենք դիտել Հայ Եկեղեցին՝ պատմութեան հին էջերու մէջ, պատմական վկայութիւններու լոյսով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ տագնապին համար քաղաքական լուծումներու ընդհանուր օրակարգ մը մէջտեղ բերելու կոչուած ժընեւեան ժողովները կորսնցուցած են իրենց ուժականութիւնը: Մինչ անցնող առաջին երկու ժողովներուն Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերը մեծ յոյսեր կը տածէին ժողովներուն առընթեր, այսօր իրավիճակը նոյնը չէ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը, ահա՛, կ՚ողջունէ ոսկեայ յոբելեանը։ Ան արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան յիսնամեայ յոբելենական հանգրուանը։ Շրջան մը, որ կ՚իմաստաւորուի բազում զոհողութիւններով, կ՚արժեւորուի բազում մարտահրաւէրներով, կը բնորոշուի հետեւողականութեամբ ու կը գնահատուի հաստատակամութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս, իրենց փոխյարաբերութիւններուն մէջ չափ ու կշիռով չեն վարուիր։ Եւ առհասարակ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը շահագործեն, չարաչար կը գործածեն բարեացակամութիւնները եւ թոյլտուութիւնները իրենց շուրջիններուն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն նպատակն էր Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքները կազմակերպել:
ՏՔԹ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Վերջերս սփիւռքահայ մամուլին մէջ կը հանդիպինք միջազգային քաղաքական վերլուծումներու, որոնք առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ մեր ներկայ Հայաստանի ցամաքամասային ամբողջականութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը գրեթէ անհնարին կը նկատեն։
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Դեկտեմբեր ամսուան վերջին շաբաթն էր: Պէյրութ գտնուող բարեկամուհիէ մը ե-նամակ մը ստացայ: «Այսօր անուանակոչութիւնդ է, անունովդ ապրիս», որուն կը յաջորդէ առատ բարեմաղթութիւններու շարք մը:
Աշխարհի վրայ միակ պետութիւնն է Պուտանը, որու պաշտօնական կրօնն է թանթրիական պուտիզմը:
Արժանթինի հարաւային շրջաններէն մէկուն մէջ թանգարանի վերածած են ամբար մը, ուր շուրջ կէս դար առաջ գիշերած է յեղափոխական Էրնեստօ Չէ Կուարան:
Փիէռ Պերժէի եւ Իվ Սէն Լորանի հիմնադրամը կը պատրաստուի 2017 թուականին երկու թանգարան բանալ՝ Փարիզի եւ Մարաքէշի մէջ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան Ազգային հետազօտական համալսարանի բացումը: Նախագահ Սարգսեանի մասնակցութեամբ Բանակի օրուան առթիւ շքեղ երեկոյթ Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ:
Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ ուժանիւթի ոլորտին շուրջ բարձր մակարդակով երկխօսութիւն: Ալպայրաք եւ Քանեթէ քննարկեցին ապագայ բանակցութիւններու վերսկսման հարցերը:
Իսրայէլի, Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ ծրագրի մը շուրջ, որով կը նախատեսուի աշխատանքի ձեռնարկել՝ Միջերկրականի արեւելքի բնական կազի պաշարները խողովակաշարներու միջոցաւ դէպի Եւրոմիութիւն փոխանցելու ուղղութեամբ, շրջանցելով Թուրքիան։
Ֆրանսուա Օլանտ երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալեց Հասան Ռուհանին:
Ֆրանսայի եւ Իրանի միջեւ ստորագրուեցան շուրջ 15 միլիառ եւրօ արժողութեամբ երեսուն փաստաթուղթեր:
Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Իսմայիլ Ալփէր Ճոշքուն յայտարարեց, որ Անգարա շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումով, որովհետեւ այս բանը Ատրպէյճանի փափաքն է։
«Ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները» ծրագրին հիման վրայ պատրաստուած տեղեկագիրը պաշտօնապէս հրապարակուած:
Անգարայի մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին Լաքի Վինկաս յուշանուէր մը յանձնեց Եւրոմիութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըրին:
Իսթանպուլի ՃՀՓ-ական երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովի նախագահութեան ներկայացուց առաջարկ մը՝ պահանջելով, որ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական վարժարաններու խնդիրներուն շուրջ իրականացուի խորհրդարանական հետազօտութիւն մը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի թղթակից Անուշ Թրուանց եւ աշխատակից Սագօ Արեան վերջին օրերուն կարճ այցելութիւն մը տուին Իսթանպուլ։ Անուշ Թրուանց-Սագօ Արեան ամոլը, որ անցեալ շաբաթավերջին Լոնտոնի մէջ մասնակցեցաւ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» համաժողովին, Երեւան վերադարձի ճանապարհին անցաւ Իսթանպուլէն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանը։ Ներկայիս արդէն ան աւարտած է իր գործունէութեան շուրջ մէկ տարին։