Արխիւ
Երէկ, Ս. Ծննդեան տօնին յաջորդած մեռելոցի օրը, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան ընթացքին ոգեկոչուեցաւ Գարակէօզեան Տան բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ հոգելոյս Տիգրան Էֆէնտի Գարակէօզեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան ընդունելութեան ընթացքին արծարծուած հարցերը - 1:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մանրամասնեց իր մօտեցումները թրքահայ կեանքի առաջնահերթ խնդիրներուն շուրջ՝ միշտ շեշտադրելով միասնականութեան ոգիին անհրաժեշտութիւնը:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի մեծարժէք տաղանդներէն Նիկողոս Սարաֆեան (1902-1972) 43 տարի առաջ հեռացաւ այս կեանքէն՝ հայոց սերունդներուն աւանդ ու ժառանգ կտակելով գրական-ստեղծագործական խորախորհուրդ եւ գեղեցկագոյն աշխարհ մը:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան շրջանին տեղի ունեցան երկու փայլուն աւանդական հանդէսներ, որոնք տօնական տրամադրութիւն ստեղծեցին աշակերտութեան մօտ։ Դեկտեմբերի 29-ին եւ 30-ին կազմակերպուած խրախճանքներուն ժամանակ տօնական շրջանի ոգեւորութեան մասնակից եւ իմաստին հաղորդակից դարձան մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի սաները։
Պէյօղլուի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, Քասըմփաշայի մարզական համալիրէն ներս անցեալ տարուան վերջընթեր օրը կազմակերպուեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան զանազան վարժարաններէ չորս հարիւր աշակերտներ։ Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Էսաեան վարժարանէն Արիս Նշան եւ Տաւիտ Իւկէ, որոնք մրցեցան աստղերու դասաւորման մէջ։
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տաղաւարի շրջանին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն ներս ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբն ալ անմասն չմնաց ստեղծուած մթնոլորտէն, մասնաւորապէս իր մանկապատանեկան կազմով։
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) մէջ Յունուարի 5-ի երեկոյեան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ «Թուրքիոյ մէջ հայեր. յետցեղասպանութեան հասարակութիւն, քաղաքականութիւն ու պատմութիւն» գիրքին հեղինակը՝ Թալին Սուճեան։ Հիւրընկալ հիմնարկին անունով Կիւվէն Կիւրքան Էօզթանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ այս հաւաքոյթը։
Անցնող օրերուն համացանցի մէկէ աւելի օգտատէրեր գրեցին Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան օրուան ճիշդ թուականի նշման մասին: Իւրաքանչիւրը տարբեր մեկնակէտ ունենալով կը փորձէր համոզում ձեւաւորել, որ «իր» համայնքին կողմէ ընդունուած օրն է ճիշդը՝ տօնելու Սուրբ Ծննդեան օրը:
Թրքահայ հաւատացեալները լիուլի ապրեցան տարուան առաջին տաղաւարին առթած զգացումները՝ մեր բոլոր թաղերու աւանդական արարողութիւններով:
Գումգաբուի ընդունելութեան ընթացքին համայնքային շրջանակները զիրար ողջունեցին Սուրբ Ծննդեան տօնական աւետիսով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հայրապետական պատգամը Ս. Ծննդեան տաղաւարին առթիւ։
Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց տարուան առաջին տաղաւարը: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տուաւ իր աշխարհացրիւ հօտին ուղղեալ պատգամը: Ներկայ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հոգեհանգիստ», տարացիօրէն կը նշանակէ՝ «ննջեցեալի հոգիներու յաւիտենական հանգիստին համար աղօթք, պատարագ»։ Արդարեւ «հոգի» բառը՝ բնիկ հըն-դեւրոպական «pouiio», «peu», «pau», փչել, հով հանել, ուռեցնել, սուլել եւ «հոգի»ն աւանդել, արմատէն կու գայ։
Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի, եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ» (ՄԱՏԹ. Ա 23)։ Եւ Յիսուս ծնաւ՝ մո՜ւթ էր, խաւա՜ր էր աշխարհ, եւ աշխարհի խաւարը լուսաւորուեցա՛ւ, քանի որ Աստուած մարդացաւ եւ Աստուած մեզի հետ եղաւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ճրագալոյցի ուրախարար օրն է: Վաղը համայն հայութիւնը կը տօնէ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, իսկ մինչ այդ, այսօր, նախատօնակի այս հրաշալի առիթով, կը համախմբուի եկեղեցւոյ մէջ՝ ներկայ ըլլալու Ճրագալոյցի պատարագին:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Ո՜վ մանուկ Յիսուս, շուարած հովիւներուն նման` անթարթ աչքերս համեստ մսուրի մէջ ծուարած աստուածային անհունիդ սեւեռած եմ։
ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ
Հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը Ինքզինք խոնարհեցուց։
(Փիլիպպեցիս. 2.7-8)
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս կեանքին մէջ ամենէն դժուար բանը՝ իր տկարութեան եւ թերութեան անդրադառնալն եւ գիտակցի՛լն է։
Ֆրանսահայ կարգ մը յայտնի անուններ վերջին օրերուն պարգեւատրուեցան «Լեժիոն տ՚Օնէօր»ի շքանշանով։ Ֆրանսայի մէջ սովորութիւն է ամէն տարեսկիզբին զանազան բնագաւառներէ ներս կարեւոր ներդրում ունեցած արժանաւորներու պարգեւատրումը։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, այս տարի շքանշանակիրներու ցանկին մաս կազմեցին պատմաբաններ՝ Անահիտ Տէր-Մինասեան եւ Ռայմոն Գէորգեան, որոնք ստացան ասպետի աստիճան։
«Վիրահայոց թեմը պիտի հասնի բոլոր եկեղեցիներու վերադարձը ապահովելու նպատակին»:
Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան բացատրութիւններ տուաւ 2016-ի ակնկալութիւններուն առընչութեամբ:
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւններ իրականացնել Սուրի մէջ, Տիարպաքըր։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ երեկոյեան ժամերուն զինուոր մը նահատակուած է այս գործողութիւններուն շրջագծով։