Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Գանտիլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճեանի։ Ներկայ էր նաեւ Գանտիլլիի եկեղեցւոյ երէց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2020-2021 տարեշրջանի ընթացաւարտները խանդավառ հանդիսութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ մեծ ոգեւորութեամբ եւ առարկայ դառնալով Գատըգիւղի ընտանիքի ամենաջերմ զգացումներուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անցեալ տարի իր գահակալութեան յաջորդող օրերուն այցելած էր Իսթանպուլի եկեղեցիները եւ իր նախագահութեամբ տեղի ունեցած էին «Հրաշափառ»ի արարողութիւններ։ Դժբախտաբար, քորոնաժահրի համավարակի զարգացումներուն որպէս հետեւանք, կարելի չէր եղած Գնալը կղզիի վրայ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն կատարել։
«Արաս» հրատարակչութիւնը կը շարունակէ մշտական ուշադրութեան առարկայ դարձնել մեծանուն գրող Զաւէն Պիպեռեանի հարուստ ժառանգութիւնը։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս»ի կողմէ վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է Պիպեռեանի երկու նոր գիրքը։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ, նախընթաց օր, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան կապակցութեամբ։ Այս յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ ընտրութիւններէն վերջ, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հնչեցուած կոչին՝ հոգեւոր հայրերու հետ երկխօսութեան նպատակով։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Նորէն թերագնահատեցինք մեր հակառակորդը, Նիքոլ Փաշինեանը: Ու նորէն մեր ոտքը դպաւ քարին:
ԵՐԱՄ
Դուրս ելաւ, եւ յայտնուեցաւ Պէյրութի մէջ։ Պատահաբար։ Քալեց անկանոն քաղաքին մէջէն, դարձաւ անկիւնները իրար հատող փողոցներուն։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այո՛, սխալ չկարդացի՛ք: Ճիշդ գրուած է: Տպագրական վրիպում չկայ: Սիրաւորուած՝ եւ ո՛չ թէ սիրահարուած:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եկէք գոնէ հիմա իրատես ըլլանք. կիրակի տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Փաշինեանի յաջողութիւնը հնարաւոր չէ բացատրել միայն ընտրակեղծիքներով եւ վարչական պաշարներով։ «Յաւելեալ պոնուս» իշխանութիւնը միշտ կը ստանայ եւ, ի դէպ, այդ է պատճառը, որ իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ հնարաւոր չէ փոխել ընտրութիւններու միջոցաւ։
Եւրոպական Միութեան կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Հայաստան։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ստեղծուած է բացառիկ հնարաւորութիւն։ «TRT World»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ թէեւ կան պատերազմի հետեւանքներ, երեսուն տարուայ թշնամանք, բայց պէտք է նայիլ ապագային։
Հայաստանի սահմաններէն ներթափանցած Ատրպէյճանի զօրքերու հարցը կը շարունակէ օրակարգի առաջնահերթ նիւթ մնալ։ Վերջին օրերուն Երեւանէն հաղորդումներ կը կատարուին, թէ սահմանի՝ Գեղարքունիքի մարզի հատուածի երկայնքով Ռուսաստանի խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին։
«Կան հարցեր, որոնք մաս կը կազմեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան օրակարգին»:
Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպանը՝ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու վերսկսման մասին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ՝ շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան արդիւնքով խորհրդարան մուտք գործել յաջողած քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ։ Այսպէս, ան շնորհաւորեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որու ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն ապահոված է խորհրդարանէն ներս։
Պատմաբան փրոֆ. Քեմալ Չիչէք յօդուած մը գրի առած է հեղինակաւոր «The Independent»ի համար:
«Ժամանակը եկած է ու կ՚անցնի հայ-թրքական յարաբերութիւնները պղտոր յիշողութեան գերութենէն փրկելու համար»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Քաղդէացի կաթոլիկ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Ռամզի Կարմօ Եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանար Հայր Ռեմզի Վրդ. Տիրիլ։
Այսօր 90 տարեկան պիտի դառնար հայ ազգի տաղանդաւոր զաւակներէն, Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ-քանդակագործ Արտաշէս Յովսէփեան, որ հեղինակն է Երեւանը զարդարող նշանաւոր քանդակներու։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ 1 յուլիսէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ կեանքը պիտի դառնայ բնականոն։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ հաստատուած սահմանափակումները պիտի ջնջուին այդ թուականի դրութեամբ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս որոշեց Արցախի վերաբերեալ ութ հետազօտական ծրագիր հովանաւորել։ Յառաջիկայ շրջանին այդ ծրագիրները պիտի ստանան հիմնարկի նպաստը։