Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Alfred Louis Charles de Musset (1810-1857) ֆրանսացի բանաստեղծ, թատերագիր եւ վիպագիրը իր քերթուածներէն մէկուն մէջ սապէս կ՚ըսէ.
«Թէեւ բաժակս փոքր է, բայց ես կը նախընտրեմ խմել իմ բաժակէս»։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ամենահին թատերաբեմը մարդո՛ւն միտքն է, ուր ներկայացուած ու խաղացուած են բազմաթիւ «թատրոն»ներ եւ «արար»ներ։ Անոր «հնութիւն»ը կ՚երկարի մինչեւ մարդու ստեղծագործութիւն։
Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի առիթով, երէկ Գարակէօզեան Տան մէջ հիւրընկալուեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ ուսուցչաց կազմին հետ ունեցաւ հաճելի հանդիպում մը։ Ան մտերմիկ ոճով խօսեցաւ նիւթ ունենալով շարականները՝ երեք անջատ նիստերով:
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Առաջին անգամ նախակրթարանի տարիներուն լսած էի տոհմիկ բառը։ Այդ օրերուն կարծեմ հայերէն բառեր աւելի կը հնչէին մեր ականջներուն։ Տոհմիկ բառը կը գործած-ւէր հետեւեալ նախադասութեան մէջ «Տոհմիկ հայկական կրթութիւն»։
Իզմիրի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ պատուելի Էնտրու Պրանսընի դատավարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է։ Իր ձերբակալութիւնը վերջին շրջանին Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ծը-նունդ տուած էր լուրջ տագնապի մը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ստորագրութեամբ համայնքային մամուլին մէջ երէկ լոյս տեսաւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը, որ կը կրէր «Շնորհակալիք» խորագիրը։ Բովանդակութիւնը պարզ շնորհակալութենէ մը շատ աւելին էր անշուշտ։
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ վերջին օրերուն կարեւոր որոշում մը առնուեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ տեսակէտէ։ Վերջին օրերուն տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններու արդիւնքով որոշուեցաւ հաւանութիւն տալ Ուքրայնոյ եկեղեցւոյ անկախացման։
Պատանեկան ողիմպիական խաղերու ծիրէն ներս Հայաստան նուաճեց ոսկէ մետայլ մը։ Այս տարի երրորդ անգամ տեղի կ՚ունենան այս ամառնային ողիմպիականները, որոնց ընթացքին 77 քիլօկրամի դասաւորման մէջ Հայաստանը ներկայացնող ծանրաբարձ Կարէն Մարգարեան արժանացաւ ոսկէ մետայլի։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը այսօր կ՚եզրափակուի:
Հանրապետութեան հրապարակի փառաշուք համերգի եզրափակիչ փուլը ձօնուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան տարածքաշրջանային այցելութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Ռուսաստան եւ Հարաւային Կովկաս։ Հոկտեմբերի 20-ին պիտի սկսի Ճոն Պոլթընի ուղեւորութիւնը, որու ծիրէն ներս ան շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի մէջ։
Գալֆաեան Տան աշակերտները նախընթաց օր հաճելի նաւապտոյտ մը կատարեցին Վոսփորի մէջ։ Սարըեէրի «Ռոթարաքթ» ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ այս նաւապտոյտը։

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
Համաշխարհային երգարուեստի պատմութիւնը իր զարթօնքը ապրեցաւ, երբ 1950-ական թուականներուն երաժշտական նոր ոճ մը տարածուեցաւ՝ համաշխարհային տարողութեամբ, որ կոչուեցաւ էսդրատային երգ, որ խորքին մէջ արդի երաժշտութեան տեսակ մըն է, ուր կը գործածուին ելեկտրական կիթառ, երգեհոն, տրամզ, սաքսոֆոն, թրոմփեթ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տուք զկայսերն կայսեր եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ»։ Աւետարանական այս խօսքը սահմանը կ՚որոշէ աշխարհայինին եւ աստուածայինին, ուրիշ խօսքով՝ նիւթական-աշխարհային աշխարհի եւ բարոյական-հոգեւոր աշխարհի։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Խաչի ձեւով հիւսուած ձեռագործ մըն է ընդամէնը: Հին սովորութիւն մը բարի, պապենական. դէպի արմատներ խորասուզող զգացում մըն է նաեւ, դէպի ինքնութիւն, որ ահա այս գեղեցիկ ձեռագործ խաչին մէջ կը կենդանանայ կարծես:
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան մշակութային բազմակողմանի ձեռնարկներ։ Այս ծիրին մէջ բացուած է նաեւ ֆրանսահայ նկարչուհի Ասիլվայի ցուցահանդէսը, որ կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։
Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկան Իտլիպի կացութեան շուրջ։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ վերջին շրջանին այս քաղաքը անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է՝ հրատապ միջամտութիւններով մարդասիրական աղէտի մը կանխուելու առաջնահերթութեամբ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան բացառապէս Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իլհամ Ալիեւ պնդեց, որ հայկական կողմը փորձած է բանակցութիւններու ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկել, սակայն այդ ջանքերը յաջողութեան պիտի չհասնին։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը այս առաւօտ սկսաւ Երեւանի մէջ:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւլէ Մաքրոն այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ ելոյթ ունեցաւ բացումին:
Արժանթինի Մխիթարեան վարժարանի սաները այցելեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հիւրընկալեց շաբաթավերջին ձեռնադրուած նորաօծ քահանաները եւ բուժման համար Հնդկաստան մեկնիլ պատրաստուող հաշմանդամ զինուորականներ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանը ֆրանսախօսութիւն կը շնչէ: Երեւանի զանազան հրապարակներու վրայ բեմեր լարուած են. մեծ ազդագրերը, ցուցահանդէսները, համաժողովները, համերգները եւ բազում մշակութային միջոցառումները այս օրերուն միայն Ֆրանսախօսութեան միջազգային գագաթաժողովին նուիրուած են: