Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պաշ­տօ­նա­կան ար­դիւն­քը շա­բա­թա­վեր­ջին հրա­պա­րա­կուե­ցաւ պատ­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ 250 ընտ­րեալ ե­րես­փո­խան­նե­րու շար­քին կը գտնուի եր­կու հայ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի, որ Իս­լա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան 13-րդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար այ­ցե­լեց Թուր­քիա, շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ Էր­տո­ղան այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա եւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը եւ Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Ուղ­ղա­փա­ռաց Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լե­ցին Յու­նաս­տա­նի Ե­գէա­կան ծո­վու Մի­տիլ­լի կղզին։ Եր­կու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը Վա­տի­կա­նէն եւ Իս­թան­պու­լէն Մի­տիլ­լի ու­ղե­ւո­րուե­ցան՝ աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րե­լու հա­մար գաղ­թա­կա­նաց հար­ցին վրայ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քի հա­րա­զատ­նե­րէն Պե­թի Գօ­չու­նեան-Ա­ղա­ճան։ Այս վեր­ջի­նը դուստրն էր թեր­թիս ան­մո­ռա­նա­լի ա­ւագ խմբա­գիր Մար­տի­րոս Գօ­չու­նեա­նի եւ թոռ­նու­հին՝ թեր­թիս հիմ­նա­դիր­նե­րէն Սար­գիս Գօ­չու­նեա­նի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ֆորում»ին նախաձեռնութեամբ ասուլիս-քննարկում:
Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի ծրագիրը կը բաղկանար երեք նիստէ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Մինչ Արցախի ճակատին վրայ չեն դադրիր կրակոցները, Երեւան միջազգային հանրութեան կը ներկայացնէ նոր փաստեր:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռազմական կցորդները տեղեակ կը պահէ շփման գծի իրավիճակին շուրջ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն հիւ­րա­բար քա­ղաքս գտնուող բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ե­րէկ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցե­ցան Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Այս­պէս, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան նա­խա­գա­հեց Սա­մա­թիոյ ե­րէ­կո­ւան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան սա­նուց միու­թեան թա­տե­րա­խում­բը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ ներ­կա­յա­ցու­մով մը։ «Hangisi babası» խա­ղը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ թա­ղի վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» սրա­հի եր­դի­քին տակ։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Պա­քըր­գիւ­ղի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Ա­թէշ Իւ­նալ Էր­զէն, Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ եւ յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ար­շըք, տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ բազ­մա­թիւ թա­տե­րա­սէր­ներ։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ղա­րա­բա­ղեան չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մը կը գտնուի մեր ե­տին: Հա­կա­մար­տող կող­մե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց կրած մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րը ներ­կա­յաց­նել:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած հինգ գիտ­նա­կան­նե­րը՝ Աա­րոն Չե­խա­նո­վէր, Ա­տա Եո­նաթ, Տէն Շեխտ­ման, Էյ-Ի­չի Նե­կի­շի եւ Ճոն Ռո­պին Ո­ւո­րէ­նը, ո­րոնք վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Նո­պէ­լեան օ­րեր» խո­րագ­րեալ գի­տա­կան ձեռ­նար­կին առ­թիւ։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան տնօ­րի­նու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն Տ. Ա­ռէն Վրդ. Շա­հի­նեան նշա­նա­կուե­ցաւ Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րա­կի փո­խա­նորդ Հո­լան­տա­յի մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Հայաստանի ղեկավարութիւնը բոլոր ուղղութիւններով օրակարգի վրայ կը բերէ Արցախի հիմնախնդիրը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ Էրտողան կրկնեց աջակցութիւնը ի նպաստ Ատրպէյճանի:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ա­ւար­տե­ցին ի­րենց զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ար­ցախ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղէն հրա­ժեշտ առ­նե­լով վե­րա­դար­ձան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչ­պէս ա­ւե­լի ա­ռաջ ը­սինք, Մեծ պահ­քի կի­րա­կի­նե­րու շար­քին նման՝ յի­նանց շրջա­նին ալ կա՛յ կի­րա­կի­նե­րու շարք մը՝ ըստ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցին։ Այս շար­քին չոր­րորդ Կի­րա­կին կը կո­չուի «Կար­միր Կի­րա­կի»։­

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

ԶԱՐՄԻԿ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

​Սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն, սուր­ի­ա­հա­յութ­եան, յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յու­թեան մի­աս­նա­կան ո­գին ոչ միայն իր դրա­կան անդ­րա­դար­ձը պի­տի ու­նե­նար  դժուա­րու­թիւն­նե­րու դի­մա­կայ­ման կամ օ­ժան­դա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մադր­ման վրայ, այ­լեւ ու­ղի պի­տի հար­թէր, որ սուր­իահայ հա­մայն­քը տագ­նա­պին նկատ­մամբ մէկ ու մի­աս­նա­կան կեց­ուածք որ­դեգ­րէ՝ հա­մայն­քի  եւ սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քի ընդ­հան­րա­կան շա­հե­րուն ծա­ռա­յե­լու, բայց մա­նա­ւանդ հա­մայն­քէն ներս ստեղ­ծե­լու հա­մե­րաշ­խու­թեան ու գոր­ծակ­ցու­թեան այն­պի­սի ա­ռողջ մթ­­նո­լորտ, որ պա­տե­րազ­մի յոր­ձա­նու­տին մէջ, հա­մայն­քը զերծ պա­հե­լով պա­ռակտ­ման ախ­տէն, վա­րա­կիչ պի­տի դառ­նար նա­եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րուն հա­մար:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը նա­խըն­թաց օր նա­խա­ճաշ մը կազ­մա­կեր­պեց Ֆլո­րիա­յի «Շա­զե­լի» ճա­շա­րա­նին մէջ։ Շուրջ 250 հո­գի մաս­նակ­ցե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թին, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ա­ԼԵՔՍ ԱՇ­ՃԵԱՆ

Ըն­կե­րա­բան­ներ ընդ­հան­րա­պէս մարդ­կու­թիւ­նը կը բաժ­նեն եր­կու գլխա­ւոր խում­բե­րու՝ ա­ռաջ­նորդ­ներ եւ հե­տե­ւորդ­ներ: Ե­րա­նե­լի է այն հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ազ­գը, ժո­ղո­վուր­դը, պաշ­տօ­նեա­նե­րը եւայլն, ո­րոնք ու­նին ար­դար եւ ի­մաս­տուն ա­ռաջ­նորդ­ներ կամ ղե­կա­վար­ներ: Պատ­մու­թիւ­նը, ինչ­պէս ն­­աեւ մեր ներ­կան, մե­զի յստակ ցոյց կու տան, որ երբ «գլու­խը» ա­ռողջ է, «մար­մին»ը իր լա­ւա­գոյն վի­ճա­կին մէջ կ­­՚ըլ­լայ:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

20-րդ դա­րու ա­մե­նա­յայտ­նի կի­նե­րէն մէ­կուն՝ Հո­լի­վու­տի դե­րա­սա­նու­հի, երգ­չու­հի Մեր­լին Մոն­րո­յին պատ­կա­նած ի­րե­րու մեծ հա­ւա­քա­ծոն այս տա­րի Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ կը հա­նուի ա­ճուր­դի։ Կ՚են­թադ­րուի, որ հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ նե­րա­ռուած ու­շագ­րաւ նմոյշ­նե­րը պի­տի վա­ճա­ռուին շուրջ 4 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ի­տա­լա­ցի հե­տա­զօ­տող­ներ յա­ջո­ղած են տաս­նա­մեակ­ներ տե­ւած ո­րո­նում­նե­րու ար­դիւն­քին գտնել Վե­րած­նուն­դի դա­րաշր­ջա­նի հան­ճար­նե­րէն մէ­կուն՝ Լէո­նար­տօ տա Վին­չիի՝ 21-րդ դա­րուն ապ­րող բա­րե­կամ­նե­րը։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Սպա­նիոյ Պար­սե­լո­նա քա­ղա­քի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը պատ­րաս­տուին 2017 թուա­կա­նին զբօ­սաշր­ջա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու հա­մար բա­նալ հան­ճա­րեղ ճար­տա­րա­պետ Ան­թո­նիօ Կաու­տիի ա­մե­նաա­ռա­ջին գլուխ­գոր­ծո­ցը՝ հան­րա­յայտ Վի­սեն­սի տու­նը:

Էջեր