Արխիւ
Յուլիս 15-ի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ ձեռնարկուած լայնածաւալ հետաքննութեան շրջագծով արտասահման դուրս գալու արգելք սահմանուեցաւ լրագրող-հրապարակագիր Հայքօ Պաղտատի համար։
Հալէպի շուրջ կը շարունակուին ծանր մարտեր. խոր ու մտահոգիչ անորոշութիւն:
Քաղաքը հինգ օրէ ի վեր զրկուած է ջուրէ, հոսանքէ եւ համացանցէ, խզուած է նաեւ Դամասկոսի հետ կապը:
Վլատիմիր Փութին-Հասան Ռուհանի-Իլհամ Ալիեւ ժամադրութիւն Պաքուի մէջ:
«Մոսկուա չի փորձեր պատրաստի որոշումներ պարտադրել կողմերուն Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեան ներքեւ, շուրջ հինգ միլիոն հոգիի մասնակցութեամբ պատմական հանրահաւաք՝ Ենիգաբուի հրապարակին վրայ:
Պետական հարուածի ձախող փորձէն վերջ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած միասնականութեան մթնոլորտին գագաթնային դրսեւորումը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր ընկերները։
Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. շաբաթավերջին այցելեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ յարակից Գարակէօզեան Տան Կազդուրման կայանը։
Տ. Տիրայր Քհնյ. Գըլըճեան՝ Ս. Պօղոս-Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ
«Պէտք է ըսել, որ դպրոցի հայերէն դասաժամերը քիչ են ու բարոյագիտական դասընթացքները կը խլուին անոնցմէ»
Արցախի մայրաքաղաքի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած «Երեւան տարազֆէստ 2016» փառատօնին ծիրէն ներս՝ ուշ երեկոյեան ներկայացուած են ձեւաւորողներ Լիլիթ Մելիքեանի, Արամ Նիկոլեանի ու Վահան Խաչատրեանի տարազային եւ մանրանկարչութեան բաղադրիչ պարունակող հագուստներու հաւաքածոներու անհատական ցուցադրութիւնները, որոնք ուղեկցուած են «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» երաժշտական խումբի կենդանի կատարումներով:
Ժընեւի մերձակայ Պիւպլանժ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է դասական երաժշտութեան միջազգային փառատօն մը, որու ծիրէն ներս, իբրեւ պատուոյ հիւր, Հայասատանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած համերգով հանդէս եկած է Հայաստանի Ազգային քամերային նուագախումբը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մտերիմ խօսակցութիւններ»ը մեր մեծհօր Արտաշէս Գալփաքճեանի 1937-ական թուականներուն, «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի մէջ հրատարակուած յօդուածաշարքին վերտառութիւնն է, ուր «Հօր մը իր զաւկին հետ» մտերիմ խօսակցութիւնները կը ներկայացուի։ Այս շարքէն է ահաւասիկ 25 Սեպտեմբեր 1937-ին հրատարակուած յօդուածը:
ԱՆԻ ԴԱՒԻԹԵԱՆ-ՈՒՐԻՇԻԿԵԱՆ
Սուրիոյ պատերազմին պատճառած աւերները տակաւին կը շարունակուին ամէնուրեք, մանաւա՛նդ Հալէպի մէջ: Մղձաւանջային այս ծանր օրերուն ունեցանք նահատակներ, վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ՝ նիւթական ահաւոր վնասներ: Բազմաթիւ կառոյցներ, հաստատութիւններ, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ գտնը-ւեցան անապահով շրջաններու մէջ:
ՏՔԹ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ...
Դեռեւս դարերու խորքէն հնչած այս նախադասութիւնը, լաւագոյն վկաներէն մէկը կրնայ հանդիսանալ այն ճշմարտութեան, որ Հայ մարդը ունեցած է Ռամկավար «Դեմոկրատ» մտածելակերպ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Աստուած երկինքէն իջեցուց Ղուրանը մարդոց համար, ինչո՞ւ զայն երկրագունդի Օրինագիրքը չընել»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յառաջիկայ օրերուն Ուաշինկթընի մէջ պիտի ստորագրուի ամերիկա-իսրայէլեան հերթական համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը Իսրայէլին պիտի տրամադրէ տասն տարուան վրայ երկարող տնտեսական իր յատկացումը:
«Մանկական նոր ալիք-2016» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Միքայէլ Գրիգորեան՝ 8-ամեայ Միշան: Ան ելոյթ պիտի ունենայ եւ իր ուժերը պիտի փորձէ մրցոյթի եզրափակիչ փուլերուն մէջ՝ Օգոստոս 11-13-ին Խրիմի «Արթեկ» կեդրոնին մէջ:
Էրտողան-Փութին հանդիպման լոյսին տակ կ՚ակնկալուին տարածքաշրջանային վերադասաւորումներ:
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը ինչպէ՞ս կրնայ անդրադառնալ Հայաստանի վրայ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Քարիւղի պետական ընկերութեան՝ ՍՕՔԱՐ-ի նախագահ Ռէօվնակ Ապտուլլայեւի հետ։
Պաքուի մէջ յառաջիկայ Երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը։ Երեք ղեկավարներուն միջեւ նախատեսուած են նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։
Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազ Գէորգ Կոստանեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նախագահ Սերժ Սարգսեան վաւերացուցած է իր հրաժարականը։




