Արխիւ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշին։
Գնալը կղզիի մէջ գեղարուեստասէրները երէկ ողջունեցին երիտասարդ արուեստագիտուհի Գլոտիա Էտնա Եաղսըզօղլուի առաջին ցուցահանդէսը։ «Ճաշ» ճաշարանէն ներս բացուած ցուցահանդէսը խորագրուած էր «Ներաշխարհիս գոյներուն ձայնը»։
Եկեղեցասէր շրջանակները երէկ խոր յուզում ապրեցան՝ վերահասու դառնալով մեր եկեղեցւոյ երէց սպասաւորներէն Տ. Պսակ Աւագ Քահանայ Թէզէնլեանի վախճանման։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յայտնի գրող Կոստան Զարեանի աղջիկը՝ Նուարդ Իտալիոյ մէջ լուրջ համբաւի տիրացած էր որպէս քանդակագործ ու նկարչուհի:
Ճիշդ տասը տարի առաջ՝ 2005 թուականին ան Սանթա Մարինելլա քաղաքին մէջ կնքած էր իր մահկանացուն, մենակեաց կեանք մը ապրելէ վերջ:
Այս առաւօտ Պատրիարքարանի երդիքին տակ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ 2015-2016 կրթական շրջանին ընդառաջ:
Իսթանպուլահայ վարժարաններու աշակերտութեան դիմագծին վերաբերեալ հարցերու քննարկում:
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ տեսակցեցաւ համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներուն հետ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան խնդրին բարդ թղթածրարը կը պահէ իր առաջնահերթ ու անփոփոխ տեղը համայնքի օրակարգին վրայ:
Հակազդեցութիւնները որքան որ ալ կուտակուած ըլլան, չ՚արժե՞ր քիչ մը խնայել թրքահայ հաւաքական կեանքի արդէն իսկ գունատած համայնապատկերը:
Այս առաւօտ խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է մեր քահայանից դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէզէնլեան, որ երկար տարիներ ծառայութիւն մատուցած էր մեր եկեղեցւոյ։
«Հայկական մարմնամարզը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ»:
Հայկ Դեմոյեանի ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ գոյացած աննախընթաց արդիւնք:
Երեւանի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի փակման արարողութիւնը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանի համագործակցութեամբ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նոյն նախարարութեան «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական կաճառի եւ ռազմաուսումնական հաստատութիւններու տարեվերջի եզրափակիչ հանդիսութիւնը։
Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով կոմիսար Եոհաննէս Հահն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան գծով նախարար եւ աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըրի հետ։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարուած Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի ժողովներու արդիւնքին հիման վրայ ճշդուեցաւ Թուրք զինեալ ուժերու հրամանատարութեան նոր կազմը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդու մը իրական արժէքը գիտնալ շատ դժուար է։ Մարդիկ, ընդհանրապէս արժէք կը ստանան իրենց արտաքին երեւոյթով եւ ներկայ դիրքով, ինչ որ յաճախ կը սխալեցնէ եւ արգելք կ՚ըլլայ անոնց իսկական արժէքը գիտնալու։
Ահաբեկչական բռնարարքները այս օրերուն դժբախտաբար անպակաս են Թուրքիոյ օրակարգէն։ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի հաղորդումներով, այս առաւօտ ալ Շըրնաքի մէջ տեղի ունեցաւ ողբերգական դէպք մը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Խրիմի թաթարներու պատուոյ ղեկավար եւ Ուքրայնոյ երեսփոխան Մուսթաֆա Ապտիւլմեճիտ Քըրըմլըօղլուի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին Էրտողան յայտարարեց, թէ Թուրքիա չի ճանչնար Ռուսաստանի կողմէ Խրիմի բռնագրաւումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պարգեւատրեց մեր համայնքէն Էֆրիմ Պաղը եւ Սիպիլը:
Համահայկական վեցերորդ խաղերու կազմակերպիչները, հովանաւորներն ու պատուոյ հիւրերը ընդունելութիւնով մը մեծարուեցան Երեւանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ ընդհանրապէս ուրիշէն կը պահանջեն այն՝ ի՛նչ որ իրենք չունին եւ կամ ունին բայց չե՛ն տար։
Կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ շատեր կը պահանջեն այն՝ ի՛նչ որ իրենց կը պակսի։
Գումգաբուի Աթոռանիստ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի, ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի եւ իր գործակից ընկերներուն այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 29-ին, արուեստասէր ողջ մարդկութեան հետ, հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը Հայկեան Հանճարին համաշխարհային ճառագայթումներէն Յովհաննէս Այվազովսկիի:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեանի յայտարարութիւնները ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման խնդիրները» խորագրեալ համաժողովի լոյսին տակ վերլուծումները կը շարունակուին: