Արխիւ
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
1989, Վենետիկ:
Յարգելի վարդապետ մը, որուն անունը այժմ չեմ կրնար մտաբերել, եւ ես երկիւղածութեամբ մուտք կը գործենք Santa Maria Gloriosa dei Frari եկեղեցին:
ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
Գրաքննութեան ճնշող
Պարտադրող
Պետական մեքենային տակ կքող
Աղաւաղուած - աղճատուած
Մամուլին նման
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Գահիրէի մէջ, Պէյն էլ Սուրէյնի եւ Տարպ էլ Կինենայի թաղերէն հայ բնակչութիւնը ատենէ մը ի վեր քաշուիլ սկսած էր, բայց հակառակ ատոր, դեռ հոն մնացողներուն թիւը կարելի էր բաւական մեծ նկատել:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սէրկէյ Ռիապքովի օրեր առաջ ըրած յայտարարութիւնը քաղաքական ռումբի տպաւորութիւն կը ձգէր տագնապին հետեւող բոլոր կողմերուն համար:
Մարիամ Տրամէրեան, Սարեմ Քիւլէկէչ-Շէշէթեան եւ Կարպիս Չափքան այցելեցին թերթիս խմբագրատունը:
Էսաեան սանուց միութիւնը եւ «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուին յառաջիկայ նոր ձեռնարկներու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահոց շրջանի 5-րդ Կիրակին սովորաբար կը կոչուի «Դատաւորի Կիրակին»՝ օրուան Ճաշու Աւետարանին (ՂՈՒԿԱՍ ԺԸ) գլխաւոր դէմքերէն՝ «Անիրաւ Դատաւոր»էն առնելով իր անունը։
Բրիտանական The Telegraph պարբերականը ուշագրաւ լուսանկարներու շարքով անդրադարձած է Եւրոպայի ամենահին տասնվեց քաղաքներուն՝ իր ընթերցողներուն առաջարկելով կեանքի ընթացքին գոնէ անգամ մը այցելել զանոնք։
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ բարեգործական յատկանշական ձեռնարկ մը, որ խորագրուած էր «Իմ արեւը դարձիր»։
Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Չանքայայի ապարանքին մէջ հիւրընկալեց Տանըլտ Թուսքը:
Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի հետ միշտ կը քննարկէ գաղթականաց ճգնաժամը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը եւ նոյն միութեան հովանիին ներքեւ գործող «Մարալ» համոյթի պարուսոյց Կարպիս Չափքանը։
Մեծ պահոց շրջանին Արեւագալի հոգեպարար արարողութիւնները կը շարունակուին մեր եկեղեցիներէն ներս։ Հայաշատ թաղերու մեր եկեղեցիներուն առընթեր, հայ բնակչութենէ նօսրացած պատմական թաղերու մէջ ալ կ՚ապրուի հոգեւոր մեծ հրճուանք։
ARA KOÇUNYAN
Ortaköy Meryem Ana Ermeni Kilisesi Vakfı Yönetim Kurulu tarafından dün cemaat basınında bir duyuru yayımlandı. JAMANAK Gazetesi tarafından vakfın adı kullanılarak asılsız haberlerin birden fazla tekrarlandığı iddia edilerek, kamuoyuna zorunlu bir açıklama yapılması uygun görülmüş. Bu zorunlu açıklamanın pek de fiyakalı bir sloganı var: Ne bağış, ne de destek.
Մայրենիի համաշխարհային օրուան շարժառիթով երիտասարդներու հետ ոգեւոր հաւաքոյթ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Էսաեան վարժարանին մէջ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Նեխած հոգիներու եւ բթացած ուղեղներու տէրերը, որոնք կը ղեկավարեն աշխարհը, թող իրենց գերբեռնաւորուած վիճակէն դադար առնելով` իրենց ուիսքիի, վոտքայի ու արաբական սուրճի բաժակները վայրկեան մը վար դնեն ու աչքերնին սեւեռեն այս չամբողջացած հնգամեայ տեղեկագիր-հաշուետուութեան վրայ ու շարունակեն իրենց հաճելի պահը: Կանխաւ ներողութիւն կը հայցեմ, որ իրենց ըմպելիքին մէջ լեղի կաթեցուցի:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի երաժշտական արուեստն ու բարձրարժէք ժառանգութիւնը համաշխարհային ճանաչման ու գնահատման արժանացնելու նուիրական գործին մէջ կ՚առանձնանայ անունը Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի (1853-1902), որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք Մարտի 2-ին։
Մարդկային առօրեան, որքան ալ ըլլայ ծանրաբեռնուած, երբեք ի վիճակի չէ ազդելու բնութեան վրայ։ Բնութիւնը ունի իր թափը, իր հոսքը... Մարդկութեան երթը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ո՛ր մէկ ժամանակին ի՛նչ առաջնահերթութիւն որ ալ ըլլայ, վերջին հաշուով՝ բնութիւնն է, որ կը պարտադրէ ամէն ինչ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարգ մը հաւատացեալներ սրբադասուելով, այսինքն հանդիսաւորապէս հռչակելով, թէ անոնք առաքինութիւնները հերոսաբար գործադրեցին եւ Աստուծոյ շնորհքին հաւատարմութեան մէջ ապրեցան, Եկեղեցին կը ճանչնայ իր մէջ եղող սրբութեան Հոգիին զօրութիւնը, եւ կը հրահրէ հաւատացեալներուն յոյսը, սուրբերը իբրեւ տիպար եւ բարեխօս տալով անոնց։
Ատամնաբոյժ Մկտրիչ Կիւլէզեան նախընթաց օր այցելեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, ուր քննեց աշակերտները։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Անգարայէն համալսարանականներու խումբ մը։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին «Հաճէթթէփէ» համալսարանէն ուսանողներ։
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
1965-ին մայրս կ՚աշխատէր պանդոկի մը մէջ:
Չկարծէք՝ ընդունարանին (réception) կամ piano bar-ին մէջ իբրեւ նուագածու, որովհետեւ մայրս ո՛չ ուսում ունէր, ո՛չ ալ դաշնակ նուագել գիտէր. պարզապէս սենեակները կը մաքրէր, հակառակ որ լաւ անգլերէն գիտէր, նամակ գրելու չափ, բայց կ՚աշխատէր համեստ գործեր: Կ՚աշխատէր զիս մեծցնելու համար: