Արխիւ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկած հրատապ հարցերուն շուրջ յառաջ կը տարուի հետեւողական աշխատանք:
Համայնքային վարիչները սերտ համագործակցութիւն մը հաստատած են երեսփոխան Մարգար Էսաեանի հետ՝ փոքրամասնական վարժարաններու պարագային տնտեսական ձեռնարկ համարուելու ռիսքը կանխելու նպատակով: Իրաւաբաններ յարմար կը դատեն Ազգային կրթութեան մասին օրէնքին մէջ յստակ յաւելումի մը ներառնուիլը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան այ­սօր ար­դէն ա­ւար­տեց Իս­թան­պուլ կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ շա­բա­թէ մը ի վեր ան կը գտնուէր քա­ղա­քիս մէջ եւ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին կար­ճա­տեւ այ­ցե­լու­թիւն մըն ալ տուած էր Ան­գա­րա։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016

«Մարդասիրական արձագանգէ դէպի կայուն լուծումներ» որոնումներու հանգրուան:
Սուրիայէն խոյս տալով Հայաստան հաստատուած անձերու համարկման դիւրացման ճանապարհին առկայ խնդիրները խոշորացոյցի տակ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016

Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Շա­հին Տօ­նի­կեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ հան­գու­ցեա­լը հայրն է Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեա­նի եւ իր կո­րուս­տը վեր­ջին օ­րե­րուն մեծ ցաւ ստեղ­ծեց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը եւ կրօ­նը հա­մա­պա­տաս­խան ըլ­լա­լու եւ հա­մըն­թաց ըն­թա­նա­լու հա­մար պայ­մա՛ն է ներ­դաշ­նա­կել այս եր­կու­քը, եւ այն ա­տեն է, որ կրօ­նը օգ­տա­կար տարր մը կ՚ըլ­լայ մար­դուն հա­մար։ Կրօ­նին նպա­տա­կա­յար­մար գոր­ծա­ծու­թիւնն է, որ մարդս կ՚եր­ջան­կաց­նէ հո­գե­պէս եւ ան կը ծա­ռա­յէ մար­դուն վերջ­նա­կան ե­րա­նե­լու­թեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ յա­ճախ կը հիւ­րա­սի­րենք բա­րե­կամ­ներ ճոխ սե­ղան­նե­րու շուրջ, խոր­հա՞ծ ենք եր­բեք թէ՝ մեր սիր­տը, մեր ան­կեղ­ծու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւա՛նդ մեր սէ­րը ճոխ է ա­նոնց հան­դէպ, որ­քան սե­ղան­նե­րը։ Ար­դա­րեւ ճա­շա­սե­ղան մը որ­քան ալ ճոխ ու հա­րուստ ըլ­լայ, ե­թէ կը պակ­սի ի­րա­կան եւ ան­կեղծ սէ­րը՝ ա­պա ու­րեմն ո՛­չինչ պի­տի ար­ժէ ա­նի­կա։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Յ. ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

Թի­թե­ղա­շէն տու­նե­րու շար­քին քա­րա­շէն տու­նե­րէն մին էր մեր տու­նը:

Մեր թա­ղի տու­նե­րուն գլխա­ւոր խնդի­րը այն էր, որ ձմե­ռը անձ­րե­ւէն գո­յա­ցած ջու­րե­րը ներս կը մտնէին, բո­լորս ան­տա­նե­լի դրու­թեան մատ­նե­լով: Մա­նա­ւանդ դպրո­ցա­կան­ներս ա­ռա­ւօտ երբ արթն­նա­յինք ու տու­նե­րը ջու­րե­րով ո­ղո­ղուած գտնէինք, մեծ ու բարդ հարց էր, թէ ինչ­պէ՞ս այդ օր դպրոց պի­տի հաս­նէինք:

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Հայկական եւ անգլիական հրատարակչատուներու համատեղ նախաձեռնութեամբ ծրագիր մը:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ներկայ էր Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

​Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն շուրջ ութ տա­րիէ ի վեր՝ ու­շագ­րաւ եւ հե­տաքրք­րա­կան տօն մը կը նշուի՝ Գիրք նուի­րե­լու տօ­նը: Տա­կա­ւին Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան լու­սա­հո­գի նա­խա­գահ Լե­ւոն Ա­նա­նեա­նի նա­խա­գա­հու­թեան օ­րօք ո­րո­շում կա­յա­ցուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ Փետ­րուա­րի 19-ը հռչա­կել իբ­րեւ Գիրք նուի­րե­լու ա­ւան­դա­կան օր: Այս մա­սին յայ­տա­րա­րուած է 2008 թուա­կա­նին՝ նշե­լով, որ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նո­ղը Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնն է:

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան այ­սօր կ՚ա­ւար­տէ Իս­թան­պուլ կա­տա­րած իր «ան­պաշ­տօն», «մաս­նա­ւոր» հեր­թա­կան ա­ռեղ­ծուա­ծա­յին այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս վեր­ջին օ­րե­րուն հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած է Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ, որ ան շա­բա­թա­վեր­ջին մեկ­նած է նաեւ Ան­գա­րա։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շուրջ շա­բա­թէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, ուր մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի նստաշր­ջա­նին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ստեղ­ծուե­ցաւ նոր կու­սակ­ցու­թիւն մը, որ կը կո­չուի՝ «Հայ­կա­կան վե­րած­նունդ»։ Կու­սակ­ցու­թեան բուն ա­նունն է «Հայ­կա­կան վե­րա­ծունդ միա­ւո­րում», ո­րու հիմ­նա­դիր հա­մա­գու­մա­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ, «Կա­րէն Տե­միր­ճեան» մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րի եր­դի­քին տակ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Ոչ եւս է ժա­մա­նա­կա­կից ի­րա­կա­նու­թեան ա­մե­նա­լու­սա­ւոր դէոմքերէն մին՝ պատ­մա­բան, աղ­բիւ­րա­գէտ Պետ­րոս Յով­հան­նի­սեան:

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը այս Հինգ­շաբ­թի պի­տի քննար­կէ հայ­կա­կան հար­ցը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պուն­տես­տա­կի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ նշուած է, թէ յար­գան­քի տուրք պի­տի մա­տու­ցուի հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած ոճ­րա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Նիւ Եորք։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Իրան-Ատրպէյճան փոխյարաբերութիւններու ապագային շուրջ սպասումներու եւ քննարկումներու ուշագրաւ հանգրուան մը:
Իլհամ Ալիեւի դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութիւնը կը սկսի տարածքաշրջանի նոր իրադրութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ: Պաքուի ղեկավարութիւնը ներկայիս կը ջանայ հաւասարակշռութիւն գտնել միջազգային գերակայ դերակատարներու առկայ հակադիր դիրքորոշումներուն միջեւ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հինգերորդ հանդիպումը:
Անգարա, Թիֆլիզ եւ Պաքու զարկ կու տան տարածքաշրջանային համագործակցութեան զարգացման:

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու հա­մակ­րե­լի դէմ­քե­րէն, ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի ազ­նիւ սպա­սա­ւոր Անդ­րա­նիկ Սրկ. Տե­միր­ճիօղ­լու։ Ա­ւե­լի քան տա­րիէ մը ի վեր ան կը գտնուէր բժշկա­կան խտա­ցեալ խնամ­քի տակ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

​Աշ­խար­հի պատ­մու­թեան մէջ հա­զուա­դէպ չեն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու զան­գուա­ծա­յին գաղ­թե­րը՝ այ­լա­զան պատ­ճառ­նե­րով-պա­տե­րազմ, սով, կրօ­նա­մո­լու­թիւն, ա­տե­լու­թիւն, հա­մա­ճա­րակ, եւայլն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ

​Այս ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը տա­րի­ներ շա­րու­նակ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան հանգ­րուա­նի մէջ կը գտնուէր։ Այտ տա­րուան Յու­լիս 1-ին Ե­րեւա­նի «Ա­կա­նաթ» սրճա­րան-պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ ««Ան­ցան­կա­լի» թե­մա­նե­րը հայ պատ­մագ­րու­թեան մէջ» նիւ­թին շուրջ դա­սա­խօ­սու­թե­նէս ետք, այս մէ­կը տե­սա­կէտ­ներս տպագ­րուած ներ­կա­յաց­նե­լու ա­ռա­ջին փորձն է։

Էջեր