Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 2, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Կեան­քի ներ­կայ ըն­թաց­քը այն­պէս մըն է, որ բնա­կա­նա­բար կա­րե­լի չէ ար­հես­տա­գի­տա­կան, ճար­տա­րա­գի­տա­կան նո­րու­թիւն­ներն ու նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը հե­ռու պա­հել դպրոց­նե­րէն եւ ընդ­հան­րա­պէս կրթա­կան-ու­սում­նա­կան հա­մա­կար­գէն: Պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ, ու­սում­նա­սի­րող­ներ միշտ այս հար­ցե­րը կը քննար­կեն ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէ­տին ձգտե­լու մղու­մով: Եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը եր­բեմն կը հեր­քեն ըն­դու­նուած նախ­կին տե­սա­կէտ­նե­րը, տա­րա­ծուած մօ­տե­ցում­նե­րը՝ փոր­ձե­լով հաս­տա­տել նո­րը, ա­պա ա­ւե­լի նո­րը, եւ այս­պէս՝ շա­րու­նակ

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ կէս գի­շե­րին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան մի­ջո­ցաւ Ա­մա­նո­րի իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց հա­մայն հա­յու­թեան։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Ե­րե­ւա­նեան մեղմ Դեկ­տեմ­բե­րը յու­շիկ քայ­լե­րով կը հե­ռա­նայ... Ան­ձիւն Ե­րե­ւա­նը տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեան մէջ է: Քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ջանք ը­րած են ի­րա­կան ձիւ­նի պա­կա­սը լրաց­նել ճեր­մակ ու նրբա­գեղ տօ­նա­կան ձե­ւա­ւո­րու­մով:

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը Ա­մա­նո­րի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պեց մաս­նա­ւոր հան­դէս մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սէն Մի­շէլ ֆրան­սա­կան լի­սէի եր­դի­քին տակ։ 

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը խան­դա­վառ խրախ­ճան­քով մը դի­մա­ւո­րեց Ա­մա­նո­րը։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016

Ե­շիլ­գիւ­ղի հա­յոց վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի մաս­նա­ւոր հան­դէս մը, ո­րու ըն­թաց­քին ապ­րուե­ցաւ մեծ հրճուանք։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը այս տա­րի եւս Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին ապ­րե­ցաւ ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թիւն՝ թա­ղին մօտ կազ­մա­կեր­պուած զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րով։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Կա­ղան­դի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը իւ­րա­յա­տուկ վա­յել­չու­թեամբ:

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցան Կա­ղան­դի խան­դա­վառ խրախ­ճանք­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016

Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցէն ներս բժիշկներու մեծարման հաւաքոյթը եւ մնայուն բնակիչներու ամանորեան ընթրիքը այս տարի տեղի ունեցաւ միացեալ ձեւաչափով: Պատրիարքաւան Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց աւանդական երեկոյթին, որու ընթացքին յուշանուէրներ ստացան Փրոֆ. Մերի Ուրկանճըօղլու եւ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան:

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016

​Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ մշակուած օժանդակութեան ծրագրերը: Փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան մանրամասնութիւններ հաղորդեց ամանորեան ընթրիքին ժամանակ:

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­մէն մարդ ո­րոշ մտա­յին կա­րո­ղու­թիւն մը ու­նի եւ իր մտա­յին կա­րո­ղու­թեան չա­փին հա­մե­մատ ի­մա­ցա­կան լոյս կրնայ տալ՝ ո՛չ ա­ւե­լի եւ ոչ ալ պա­կաս։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

Գեր­մա­նա-ֆրան­սա­կան Arte հե­ռուս­տաա­լի­քը 3 Յու­նուար 2016-ին պի­տի տե­սասփ­ռէ ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի հա­մեր­գը, որ ան­ցեալ աշ­նան տե­ղի ու­նե­ցած էր Փա­րի­զի «Palais des Sports»ի եր­դի­քին տակ։ Ցու­ցադ­րուե­լիք այս նիւ­թը նկա­րա­հա­նուած է Սեպ­տեմ­բե­րի 15-ին տե­ղի ու­նե­ցած հա­մեր­գին ժա­մա­նակ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ տա­րի մը եւս կը բո­լո­րենք՝ բայց խնդրա­կան է, թէ՝ տա­րի մը կը շա­հի՞նք, թէ տա­րի մը եւս կը կորսնց­նենք։ Ու­րա­խա­նա­լո՞ւ է որ տա­րի մը եւս կը շա­հինք մեր կեան­քէն, թէ ոչ՝ տրտմե­լու ենք որ տա­րի մը եւս կորսն­ցու­ցինք մեր կեան­քէն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը (ԵԽԽՎ) 2016 թուա­կա­նին իր տա­րե­կան նստաշր­ջա­նը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ Թիֆ­լի­զի մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ժո­ղով­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 1-5 Յու­լիս 2016 թուա­կա­նին։ Սա պի­տի ըլ­լայ ԵԽԽՎ-ի 25-րդ նս­տաշր­ջա­նը, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին շուրջ 700 քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ՝ աշ­խար­հի 57 եր­կիր­նե­րէն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

2016 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը պի­տի սկսի հան­դի­պում­ներ ու­նե­նալ՝ 2018 թուա­կա­նին կա­յա­նա­լիք Ֆութ­պո­լի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­խո­յե­նու­թեան ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լին շրջագ­ծով։ Եւ­րո­պա­յի գօ­տիի E խում­բին մէջ Հա­յաս­տա­նի մրցա­կից­նե­րը պի­տի ըլ­լան Ռու­մա­նիա, Դա­նիա, Լե­հաս­տան, Գա­րա­տաղ եւ Ղա­զա­խիս­տան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

2016 եւ 2017 թուա­կան­նե­րուն յա­տուկ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ ճշդուած հռչա­կա­ւոր մար­դոց եւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու օ­րա­ցոյ­ցին մէջ ընդգր­կուե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ յատ­կան­շա­կան եր­կու ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցիի տպագ­րու­թեամբ հա­յե­րէն ա­ռա­ջին Աս­տուա­ծա­շուն­չի (1666 թուա­կան) 350-ա­մեա­կը եւ աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի (1817-1900) ծննդեան 200-ա­մեա­կը ընդգր­կուե­ցան վե­րո­յի­շեալ օ­րա­ցոյ­ցին մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը 2016-ին մտադիր է այ­ցե­լել Հա­յաս­տան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

Հարցախոյզներու արդիւնքներով՝ մարդկութիւնը լաւ տրամադրուած է Ամանորին:
Աշխարհի բնակչութեան 54 տոկոսը 2016-ի համար ունի լաւատես ակնկալութիւն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը:
Գոնկրէսականները Յունուարին պիտի անդրադառնան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, Ճէյմս Ուորլիքի մասնակցութեամբ:

Էջեր