Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 98 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Հայ մշակոյթի ամսուան առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը։ Նկատի ունենալով համաճարակով պայմանաւորուած ստիպողութիւնները՝ նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժինները առանձին ձեւով նշեցին Թարգմանչաց տօնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021

Կեդրոնական վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը՝ այս տարի Նոպելեան բժշկանան մրցանակին արժանացած երկու գիտնականներուն՝ փրոֆ. Արտեմ Փաթափութեանի եւ փրոֆ. Տէյվիտ Ճուլիուսի մասին։ Այս ձեռնարկով անոնք ձեւով մը մեծարուեցան թէեւ առանց իրենց մասնակցութեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը միշտ հետամուտ՝ մեր կրթական մշակներու մասնագիտական յառաջընթացին:
Նաթալի Պաղտատ-Քոճապայի վերահսկողութեան ներքեւ կը կազմակերպուին աշխատանոցներ: Անի Կարմիրեան պոլսահայ ուսուցիչներուն ծանօթացուց «Կիւլպէնկեան»ի կողմէ հաստատուած «Զնտուկ» մանկապատանեկան կայքէջը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի պետական քարտուղարի ընդհանուր հարցերով փոխանորդ Արքեպիսկոպոս Էտկար Փենիա Փարայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Երեւանի մէջ նախընթաց օր պաշտօնապէս բացուեցաւ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Սեւ կատու մը քնացաւ ախորժակով խոտը կուլ տուող կովու մը քով, ան չկրցաւ շարունակել քունը եւ արթնցաւ կովուն բառաչիւնին պատճառով, ապա բարկանալով.
-Ձայնդ քիչ մը ցածցո՛ւր, որպէսզի կարենամ քնանալ,- ըսաւ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սփիւռքահայ գրող Վահրամ Մավեան իր «Անկապ օրագիր»ին մէջ կը յիշատակէ Լիզպոն գրած իր մէկ օրագրութիւնը, որ պատճառ կ՚ըլլայ մտածելու մեր ներկայ սերունդի հետաքրքրութիւններուն ու շահագրգռութեան մասին:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

114 տարի…
Հայաշխարհի հնագոյն օրաթերթը, հայ մամլոյ նահապետը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ տարի մը եւս բոլորելով, պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը ապահովելով, եռանդով ու նուիրումով կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021

JAMANAK GAZETESİ KURULUŞUNUN 114. YILINA UÇURUMUN EŞİĞİNDE GİRİYOR

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Դուրսէն ամէն բան դիւրին կ՚երեւի: Օրուայ հոլովոյթին տարատեսակ լուրեր կը հասնին մեր ականջներուն՝ մահ, դժբախտ պատահար, պատերազմ, բնական աղէտներ... այս շարքը անվերջանելի է:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ մամուլի երախտաւոր, պոլսահայ գործիչ, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան առաջնորդներէն Լեւոն Թիւթիւնճեանի հրապարակագրական գործունէութեան մէկ մասը կը կապուի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հետ: Ան իր հրապարակագրական մասնակցութիւնը թերթին բերած է 1912 թուականին, այնուհետեւ՝ 1920-ականներու կէսին:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Համազգային տօնի պէտք է վերածուի 28 հոկտեմբերը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Կրնայ շատերուն տարօրինակ թուիլ այս մէկը, բայց եթէ ուշադրութեամբ փորձենք մօտենալ այս թուականին եւ հասկնալ անոր կարեւորութիւնը, ապա յստակ կը դառնայ անոր համազգային արժէք ունենալու հանգամանքը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Երուանդ Օտեան իր թերթօններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Արքայդ Արքայից Սարգիս, իցիւ չմոռնայիր տրուպս որ քու հրաշափայլ պալատիդ պատերուն կը քսուիմ ամէն օր» եւ Օտեան ուսումնասիրող Ա. Մակարեան կու գայ հիմնաւորելու թէ. «իրօք, նա ամէն օր այցելում էր «Ժամանակ»ի խմբագրութիւն, քսուելով խմբագրութեան պատերին» (Ա. Մակարեան, «Երուանդ Օտեան. Կեանքը եւ հրապարակախօսական գործունէութիւնը», Երեւան, 1977, էջ 249):

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերջին տարիներուն մեր թերթը կը ծաղկի։ Հակառակ ամենակուլ պայմաններուն, հակառակ «Քովիտ»ին, հակառակ մեծ կորուստներուն ու հայ ժողովուրդի գլխուն եկած փորձանքներուն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը ճախրէ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ փակ քննարկում մը՝ Ատրպէյճանի հետ շփման գծի առկայ վիճակին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին շուրջ։ Խորհրդարանական դռնփակ լսումներէն վերջ, հրատապ բնոյթով քննարկումներուն կապակցութեամբ յայտարարութիւնով մը հանդէս գալու համար համաձայնութիւն չգոյացաւ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղեւորութիւնը՝ նոր մեկնարկ մը Երեւան-Ռիատ առանցքին վրայ:
Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ փոխյարաբերութիւններու հաստատման առումով լուրջ անկիւնադարձ մը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Անգարա Երեւանէն անկեղծ կամք կ՚ակնկալէ Պաքուի հետ առկայ հարցերու լուծման ուղղութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան. «Այս տարածքաշրջանին մէջ խաղաղ, փայլուն ապագայ մը հնարաւոր է»:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Երէկ, Պէյրութի մէջ, Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն ընդունեց կաթողիկէ հայոց նորընտիր Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանանի հայ կաթոլիկները պատրաստ են միշտ ծառայելու իրենց երկրին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ հոկտեմբերի 10-ին, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած 25 նոր սարկաւագները։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շփումներ ունեցաւ Տիարպաքըրի մէջ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որու վերանորոգութեան աշխատանքները ընթացքի մէջ են։

Էջեր